1 Thessalonians 1
1 Մենք՝ Պօղոս, Սիղուանոս եւ Տիմոթէոս, կը գրենք ձեզի՝ Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին, որ Հօր Աստուծոյ եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի կը պատկանի։ Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի։
2 Մեր աղօթքներուն մէջ միշտ կը յիշենք ձեզեւ անդադար ձեզի համար գոհութիւն կը մատուցանենք Աստուծոյ։
3 Հօր Աստուծոյ առջեւ միշտ կը յիշենք՝ թէ ի՛նչպէս կեանքի կը վերածէք ձեր հաւատքը, սէրէն մղուած կը ծառայէք ուրիշներուն, եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յուսալով՝ նեղութիւններու կը համբերէք։
4 Եղբայրնե՛ր, գիտէք թէ Աստուած ձեզ սիրեց եւ ընտրեց,
5 որովհետեւ մեր քարոզութեամբ Աստուած իր Աւետարանը յայտնեց ձեզի՝ ո՛չ միայն խօսքով, այլ նաեւ զօրութեամբ, այսինքն՝ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ, եւ կատարեալ վստահութիւն ներշնչեց ձեզի։ Դուք լաւ գիտէք, թէ ձեր մէջ ի՛նչպէս ապրեցանք, ձեզի օրինակ ըլլալու համար։
6 Մեզի նմանելով՝ դուք Տիրոջ նմանած եղաք, քանի որ՝ հակառակ ձեր կրած բոլոր նեղութիւններուն՝ Սուրբ Հոգիին պարգեւած ուրախութեամբ ընդունեցիք մեր քարոզութիւնը,
7 եւ ձեր այս ընթացքով օրինակ եղաք Մակեդոնիայի եւ Աքայիայի բոլոր հաւատացեալներուն։
8 Արդարեւ, դուք ձեր օրինակով Տիրոջ խօսքը հռչակեցիք ո՛չ միայն Մակեդոնիայի եւ Աքայիայի մէջ, այլեւ ամէն տեղ ուր Աստուծոյ վրայ ունեցած ձեր հաւատքին համբաւը տարածուեցաւ։ Այնպէս որ, այլեւս ո՛չ պէտքը կը զգանք բան մը աւելցնելու, ո՛չ ալ մենք մեզ ներկայացնելու,
9 որովհետեւ ո՛ւր որ երթանք՝ մարդիկ իրենք մեր մասին կը պատմեն, թէ ի՛նչպէս ձեզի եկանք, ի՛նչպէս դուք կուռքերը ձգելով Աստուծոյ դարձաք՝ կենդանի եւ ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայելու համար,
10 եւ թէ ի՛նչպէս կը սպասէք որ երկինքէն վերստին գայ Աստուծոյ Որդին, Յիսուսը, որ Աստուած մեռելներէն յարուցանեց, եւ որ մեզ պիտի փրկէ գալիք բարկութենէն։